2014-02-06 12:40:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Սուրբ Աթոռի մօտ Եգիպտոսի դեսպանը կը յանձնէ իր հաւատարմագրերը։


Հինգշաբթի, 6 փետրուար 2014։Այսօր` առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց գերապայծառ Զպիկնիու Քիէրնիքովսքին` Լեհաստանի Սիէտլչէի թեմի եպիսկոպոսը, ապա 10,30-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Տիկ. Ուաֆաա Աշրաֆ Մոհարրամ Պասսիմին` Եգիպտոսի Հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած նոր դեսպան, հաւատարմագրերու ներակայացումի առիթով։ Յայտնենք որ 2011- ին, Եգիպտոսի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ յարաբերութիւնները ընդհատում արձանագրեցին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի եգիպտոսի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան ի նպաստ ուղղած կոչին հետեւանքով, որ Եգիպտական կառավարութիւնը նկատած էր որպէս ''ներքին քաղաքականութեան միջամտութիւն''։ Տիկ Ուաֆֆա Պասսիմ ծնած 1955-ին ու կը հանդիսանայ երրորդ կինը որ կը վարէ Սուրբ Աթոռի մօտ Եգիպտոսի հանրապետութեան դեսպանի պաշտօնը։
Ժամը 10,50-ին Սրբազան Հայրը ընդունեց Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Ֆրանքօ Գոփփոլան, հուսկ ժամը 11-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի խումբ մը եպիսկոպոսներուն, որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Յայտնենք որ Լեհաստանի եպիսկոպոսներու կանոնական այցելութիւնները սկիզբ առին անցեալ 1 փետրուարին եւ վերջ պիտի գտնեն 8 փետրուարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.